2014-06-11 11:29:36

Մանկական աշխատանքի շահագործումի դէմ` Ֆրանչիսկոս Պապի կոչը


Չորեքշաբթի, 11 Յունիս 2014-ի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ, աւանդական ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ի տես 12 Յունիսին նշուելիք ''Մանկական աշխատանքի շահագործումի դէմ համաշխարհային օրուան'', կոչ մը ուղղեց որուն մէջ յայտնեց թէ տասնեակ միլիոն մանուկներ ստիպուած են աշխատիլ նուաստացուցիչ պայմաններու մէջ, ենթարկուելով ստրկութեան եւ շահագործումի, ինչպէս նաեւ չարաշահումի, վատ վերաբերմունքի եւ խտրականութեան։
Յոյս կը յայտնեմ - ըսաւ Քահանայապետը - որ միջազգային հասարակութիւնը կարենայ մանուկներուն ընկերային պաշտպանութիւնը ապահովել արմատախիլ ընելով այս վէրքը։
Ամէնքս ալ վերանորոգենք մեր յանձնառումը, սկսեալ ընտանիքներէն, իւրաքանչիւր մանուկի ապահովելու համար իր արժանաւորութիւնը եւ առողջ վիճակի մէջ աճելու կարելիութիւնը – հրաւէր ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով որ ''Անդորր մանկութիւն մը` մանուկներուն թոյլ կու տայ կեանքի ու ապագային նայելու վստահութեամբ''։







All the contents on this site are copyrighted ©.